2003 հաշուետւութիւն
2004 հաշուետւութիւն


Երկիր Միություն

Քնարավան

Երկիր Հիմնադրամ

Send to a friend




Don't see Armenian text?

ԵՐԿԻՐ ԱՄՆ

Բնակեցման եւ Հիմնաւորման
Հասարակական Կազմակերպութիւնների Միութիւն
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն
YERKIR USA
P.O. Box 11458
Glendale , CA 91226
Մարտ 31, 2003

Կլենտեյլ, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ - Երկիր Հայաստանեան Հասարակական Կազմակերպութիւնը կը նպատակադրէ Արցախի վերաբնակեցումն ու հիմնաւորումը: Կազմակերպութիւնը կը գործէ Երեւանի ու Ստեփանակերտի իր գլխաւոր գրասենեակներով ու կը գործակցի Հայաստանեան ու Սփիւրքեան զանազան կազմակերպութիւններու եւ հայ անհատներու հետ իրագործելու համար իր նպատակները: Կառուցելով տներ, դպրոցներ, ելեկտրական ցանցեր ու ջրաբաշխման համակարգեր Արցախեան գիւղերու մէջ, Երկիր կը ստեղծէ տնտեսական ու ընկերային նպաստաւոր պայմաններ վերաբնակող հայ ընտանիքներուն համար:

Երկիր անկախ է եւ չունի որեւէ պետական կամ կուսակցական պատկանելիութիւն: Կազմակերպութեան նպատակները զուտ մարդասիրական են եւ առ այդ, ունին համահայկական բնոյթ: Երկիր-ի բարերարներն են մեծ ու փոքր Հայկական կազմակերպութիւններ եւ բազմաթիւ Հայ անհատներ զանազան երկիրներէ:

Վերջին շրջանին, Երկիր աշխուժացած է նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ: Շրջանի Հայկական կազմակերպութիւններու եւ անհատաներու ճիգերով, Երկիր ձեռնարկած է զանազան ծրագիրներու, ինչպէս հարաւային Արցախի Հադրութի Շրջանի Արալեռ գիւղի մէջ տներու վերակառուցմանը եւ Արցախի հիւսիս-արեւմտեան շրջանի մէջ Ծար գիւղի դպրոցի վերակառուցմանը:

Այսօր, Երկիր ունի բազմաթիւ հրատապ Արցախեան վերաբնակեցման ծրագրեր, որոնք անմիջական կարիքը ունին նիւթական յատկացման: Երկիր Հասարակական կազմակերպութեան ԱՄՆ-ու Հարաւային Քալիֆորնիոյ Մասնաճիւղը կազմակերպած է հանրային ձեռնարկ, իր իրագործումները, աշխատանքներն ու ծրագրերը Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայ Համայնքին ծանօթացնելու նպատակով: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ Ապրիլ 11, 2003-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Կլենտեյլի Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիի Սրահին մէջ (Verdugo-ի եւ Mountain-ի խաչմերուկին) : Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսը պիտի հանդիսանայ Հայրենիքէն մի քանի օրուայ համար շրջանը գտնուող Երկիր-ի գործադիր տնօրէն՝ Սեւակ Արծրունի: Նշենք թէ այս ձեռնարկը պիտի ըլլայ զուտ տեղեկատուական իր բնոյթով:

Շրջանի Հայ գաղութին եւ յատկապէս շրջանի հայկական բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը քաջալերելի է այս շահեկան յատուկ ձեռնարկին: Մուտքը ազատ է: